Համայնքի Լուրեր
Յունիս 19, 2013
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ: «ՆԱՆՕՐ» ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
«ՆԱՆՕՐ» Հայկական Մանկական Կեդրոնը 1 Սեպտեմբեր 2013-էն սկսեալ կարիքը ունի չորս մանկատան խնամքի ուսուցչուհիներու, լիաժամ կամ մասնաժամ աշխատանքի համար:
Պահանջուած որակաւորումներ.-
- Մանկավարժութեան, Հանրային Ծառայողի կամ Հոգեբանութեան հաստատուած բարձրագոյն վկայական կամ վկայագիր ընդունուած Կիպրոսի Բարձրագոյն Կրթութեան ճանաչման Խորհուրդին կողմէ (KY.S.A.T.S.): Առաջնահերթութիւնը պիտի տրուի այն անհատներուն, որոնք մասնագիտացած են մանկավարժութեան ոլորտեն ներս
- Նուազագոյնը երկու տարուայ փորձառութիւն մանկական կեդրոնի մէջ
- Անգլերեն եւ Հայերէն լեզուներու ծանօթութիւնը առաւելութիւն պիտի համարուի
- Համակարգիչի գործածութեան գիտութիւն
- Ստեղծագործական միտք, անհատական հաղորդակցութեան ճկունութիւն, կազմակերպչական կարողութիւն եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւն
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի անձնական տուեալները (CV) եւ պահանջուած վկայականներն ու փաստաթուղթերը ուղղարկել հետեւեալ փոստարկղին 25290, 1308 Նիկոսիա կամ ե-հասցէով care@nanor.com.cy ամենաուշը մինչեւ Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2013:
Վարչական Խորհուրդ
«ՆԱՆՕՐ» ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ