Համայնքի Լուրեր
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ: EUROPEANA ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
Europeana Հիմնադրամը Եւրոպայի տարածքին ձեռնարկած է Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին (1914-1918) հետ առնչութիւն ունեցող նիւթերու հաւաքի, ներառեալ Հայկական Լէգէոնին։ Անոնք որոնք իրենց տրամադրութեան տակ ունին նկարներ, նամակներ, օրացոյցներ, փաստաթուղթեր, բացիկներ, յուշանուէրներ, համազգեստներ, մետալներ կամ որեւէ այլ իրեր որ կը պատկանին վերոնշեալ ժամանակաշրջանին եւ կամ գիտեն դրուագներ եւ պատմութիւններ, հրաւիրուած են զանոնք կիսելու համայն աշխարհին հետ։
Առ այդ, 1 եւ 2 Դեկտեմբեր 2012-ին, ժամը 10։00 - 17։30 Կրթութեան եւ Մշակոյթի Նախարարութեան Մշակութային Ծառայութիւններու շէնքին մէջ (27 Iphigenias Str.,Strovolos), պատմութիւնները պիտի արձանագրուին եւ իրերը պիտի լուսանկարուին, որոնք անմիջապէս ետ պիտի վերադարձուին տէրերուն։
Մեր գաղութի աջակցութիւնը այս ծրագիրին գծով կարեւոր է եւ բոլոր անոնք, որոնք կրնան օգտակար հանդիսանալ՝ փափաքելի է որ մասնակցին։ Մասնակցողները պիտի ստանան գնահատական գիրեր։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ յստակացումներու համար կը խնդրուի կապ հաստատել
Երեսփոխանական Գրասենեակին հետ Հեռ։ 97-808414