CYPRUS ARMENIANS-GIBRAHAYER

ENGLISH ՀԱՅԵՐԷՆ ΕΛΛΗΝΙΚΑ
ԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ | Համայնքի Լուրեր | CYPRUS ARMENIANS | GIBRAHAYERԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ | Համայնքի Լուրեր | CYPRUS ARMENIANS | GIBRAHAYERԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ | Համայնքի Լուրեր | CYPRUS ARMENIANS | GIBRAHAYERԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ | Համայնքի Լուրեր | CYPRUS ARMENIANS | GIBRAHAYERԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ | Համայնքի Լուրեր | CYPRUS ARMENIANS | GIBRAHAYERԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ | Համայնքի Լուրեր | CYPRUS ARMENIANS | GIBRAHAYERԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ | Համայնքի Լուրեր | CYPRUS ARMENIANS | GIBRAHAYERԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ | Համայնքի Լուրեր | CYPRUS ARMENIANS | GIBRAHAYERԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ | Համայնքի Լուրեր | CYPRUS ARMENIANS | GIBRAHAYERԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ | Համայնքի Լուրեր | CYPRUS ARMENIANS | GIBRAHAYERԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ | Համայնքի Լուրեր | CYPRUS ARMENIANS | GIBRAHAYERԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ | Համայնքի Լուրեր | CYPRUS ARMENIANS | GIBRAHAYERԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ | Համայնքի Լուրեր | CYPRUS ARMENIANS | GIBRAHAYERԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ | Համայնքի Լուրեր | CYPRUS ARMENIANS | GIBRAHAYERԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ | Համայնքի Լուրեր | CYPRUS ARMENIANS | GIBRAHAYERԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ | Համայնքի Լուրեր | CYPRUS ARMENIANS | GIBRAHAYERԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ | Համայնքի Լուրեր | CYPRUS ARMENIANS | GIBRAHAYER

Համայնքի Լուրեր

Յունուար 14, 2010 Տպագրում

ԿԻՊՐԱՀԱՅ-ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ-ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ #1

Կիպրահայ Նարեկ վարժարաններու նոր Հոգաբարձութիւնը պաշտօնի կոչուեցաւ 15 Դեկտեմբեր 2009-ին, հինգ տարուան շրջանի մը համար։

 

Անդրանիկ իր նիստին, Հոգաբարձութիւնը միաձայնութեամբ ընտրեց իր դիւանը, հետեւեալ հանգամանքներով.-

Վարդան Թաշճեան Ատենապետ
Սեպուհ Դաւիթեան Փոխ-Ատենապետ
Մասիս Տէր Բարթող Ատենադպիր
Աւետիս Ջուլճեան Գանձապահ
Ասատուր Տէվլէթեան Ատենադպրի օգնական
Ռաֆֆի Մահտեսեան Գանձապահի օգնական
Երան Գույումճեան Խորհրդական
Ռիթա Գասպարեան Խորհրդական
Նայիրի Տէր Առաքելեան Մըրհէժ Խորհրդական
Արթօ Առաքելեան - Լառնագա Խորհրդական
Յարօ Գասսապեան - Լիմասոլ Խորհրդական

Հոգաբարձութիւնը առաջին հերթին պարտք կը զգայ իր յատուկ շնորհակալութիւնները յայտնելու Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեանին ինչպէս նաեւ Կրթութեան եւ Մշակոյթի Նախարար Պրն. Անտրէաս Տիմիթրիուին ու Կիպրոսի կառավարութեան՝ իրեն հանդէպ տածուած վստահութեան եւ քաջալերանքին համար։

Անտարակոյս, Հոգաբարձութիւնը խորապէս կը գիտակցի իր ստանձնած կարեւոր առաքելութեան, որուն իրագործման համար պիտի չխնայէ ջա՛նք, պատասխանատուութի՛ւն եւ վճռակամութի՛ւն՝ ի խնդիր Նարեկ Վարժարաններու վերելքին ու յառաջդիմութեան, արժեւորելով այն բացառիկ առանձնաշնորհումները զորս կը վայելէ գաղութը պետութեան կողմէ, կղզիէս ներս։

Իր այս յանձնառութեանը մէջ սակայն, Հոգաբարձութիւնը լիայոյս է որ պիտի վայելէ գաղութի բոլոր խաւերուն զօրակցութիւնը եւ գործակցութիւնը, ամուր հիմերու վրայ կառուցելու համար մատղաշ իր սերունդի մարդկային եւ հայեցի առողջ դաստիարակութիւնը։ Պարագաներու բերումով՝ ներկայիս կղզիիս ուսման ա՛լ միակ հայ դարբնոցի նեցուկ կանգնիլ՝ եւ անոր ծառայող բոլոր մարմիններուն օգնութեան ձեռք երկարել մարտահրաւէր մըն է, բարոյական պա՛րտք մը, որմէ պէտք չէ խուսափի ոեւէ հայ, որ կ'ապրի ազգային պահանջքներու, իտէալներու եւ բաղձանքներու նախանձախնդիր ոգիով։

Ամանորեան ջերմ շնորհաւորոթիւններով եւ բարեմաղթանքներով։

21 Դեկտեմբեր, 2009
ԿԻՊՐԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

«« վերադարձ ««