Համայնքի Լուրեր
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐ
Մեծ ուրախութեամբ եւ հաճոյքով կուգամ Կիպրահայութիւնը տեղեկացնելու, թէ անցեալ շաբաթ Հայկական Մանկամսուրի ծրագիրը իր առաջին գործնական փուլը թեւակոխեց։
Շրջանցելով Կիպրոսի տնտեսական կացութեան ստեղծած անսպասելի դժուարութիւնները եւ հետեւողական աշխատանք տանելով Կրթական Նախարարութեան մօտ, անցեալ շաբաթ Նիկոսիոյ Նարեկ Վարժարանի կառոյցէն ներս, գործը ստանձնող ընկերութեան կողմէ սկսան Մանկամսուրի շինարարական աշխատանքները։
Երիտասարդ ծնողներուն կողմէ երկար տարիներէ ի վեր սպասուած ա՛յս անհրաժեշտ հաստատութեան ստեղծումը, վերջապէս իրականութիւն պիտի դառնայ Կիպրահայ գաղութի կեաքնէն ներս։ Առաւօտեան, մի քանի ամսու երեխան վստահելով հայկական մանկամսուրի հոգածութեան ու քիչ անդին գտնուող հայկական մանկապարտէզը կամ նախակրթարանը թողելով իրենց միւս փոքրիկը, անոնք հանգիստ մտքով պիտի երթան աշխատանքի։ Դրութիւն մը, որ ձեռնտու է թէ՛ ծնողներուն եւ թէ փոքրիկներուն, որ անկասկած պիտի նպաստէ մեր գաղութի հայապահպանման նպատակին։
Վարդգէս Մահտեսեան
Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ
21 Մայիս 2012