Համայնքի Լուրեր
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Սիրելի Կիպրահայեր,
Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչի պաշտօնավարութեանս հնգամեակը մօտ ատենէն իր աւարտին կը հասնի։
Ինչպէս շատեր կրնան վկայել, այս հինգ տարիները եղան անընդհատ աշխատանքի ու ազգօգուտ ծրագիրներու իրագործման տարիներ։
Գաղութի բոլոր հոսանքներուն հետ գործակցելով հետամուտ եղայ, որ առկայ հարցերը լուծուին համերաշխութեամբ։
Առանց խտրութեան օգտակար հանդիսացայ ինծի դիմող ոեւէ հայրենակիցի կարելիութեանս սահմաններէն ներս։
Հետամուտ եղայ, որ կիպրահայութիւնը ներկայութիւն ըլլայ երկրի մշակութային-հասարակական կեանքին մէջ՝ մասնակցութեամբ հայրենի արուեստագէտներու, միեւնոյն ժամանակ աջալուրջ եւ հետեւողական քայլերով ամէն ջանք ի գործ դրի պահպանելու մեր գաղութի պատմամշակութային արժէք ներկայացնող կառոյցները։
Բծախնդրութեամբ հետեւեցայ մեր կրթական կեանքի հոլովոյթին, որուն բարելաւման համար ծրագիրներս սկսած են պտուղ տալ։
Վերջապէս, հաւատքով, խանդավառութեամբ, յստակ ու թափանցիկ գործելակերպով լծուեցայ աշխատանքի, որպէսզի կարելիս ընծայեմ մեր համայնքի բարօրութեան ու յառաջդիմութեան համար։
Քննարկելով կատարուած աշխատանքներն ու ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով գաղութի մեծամասնութեան քաջալերանքը, գոհունակութեամբ կը յայտնեմ, թէ որոշած եմ 2011 Մայիսին դարձեալ թեկնածութիւնս ներկայացնել երկրորդ հնգամեակի մը համար, նոյն յառաջադրանքով ու թափով շարունակելու սկսած ազգանուէր պարտականութիւնս։
Անկեղծութեան լաւագոյն մաղթանքներով՝
ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ
Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ
Նոյեմբեր 2010