Համայնքի Լուրեր
«ԱՐՄԵՆԻԱ» ՆԱՒԻ ԺԱՄԱՆՈՒՄ ԼԻՄԱՍՈԼԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏ
Մեծ ուրախութեամբ կը փոխանցենք, թէ հայրենի «Արմենիա» նաւը եօթը հոգինոց անձնակազմով եւ գլխաւորութեամբ Զօրի Բալայանի, աշխարհի շուրջ շրջապտոյտի ելած իր առաքելութիւնը աւարտելով, խարիսխ պիտի նետէ Լիմասոլի նաւահանգիստը։
Պատմական շրջապտոյտին աւարտը կը զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին։ Այս առիթով, պաշտօնական դիմաւորութեան արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 11 Օգոստոս 2011-ին, Լիմասոլի նոր նաւահագիստին քարափին վրայ երեկոյեան ժամը 7.00ին։
Միջոցառումին ներկայ պիտի գտնուին Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Ն.Վ. Տիմիթրիս Խրիստոֆիաս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ն.Վ. Սերժ Սարգսյան։
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին ներկայ ըլլալ այս հանդիսութեան, կը խնդրուի անձամբ ներկայանալ Ազգային Առաջնորդարան կամ Երեսփոխանական Գրասենեակ, ապահովելու նաւահանգիստ մուտքի անհրաժեշտ հրաւէրը։
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
«« վերադարձ ««