Համայնքի Լուրեր
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Դարձեալ Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեանի հրաւէրով, Հայաստանի Հանրապետութեան Ցունաստանի եւ Կիպրոսի Դեսպանութեան Հիւպատոս՝ Պրն. Մարաթ Մելիքեան Կիպրոս պիտի այցելէ Ուրբաթ, 18 Մայիս եւ Շաբաթ, 19 Մայիս 2012-ին։
Կիպրոս ժամանակաւոր կամ մշտական բնակութիւն հաստատած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ, որոնք անձնագիրի ժամկէտի երկարաձգման, փոխանակման, կորսուած անձնագիրի, անչափահաս երեխաներու արձանագրութեան, ինչպէս նաեւ նոտարական գործեր ունին, կը խնդրուի անմիջապէս կապ հաստատեն Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչի Գրասենեակ հեռ։22–454540 ժամադրութիւն ապահովելու համար։
Պրն. Հիւպատոսը պիտի ընդունի նաեւ երկքաղաքացիութեան դիմումներ, որոնք ամբողջական են։ Այս գծով դիմումնագիրներ ապահովելու եւ մանրամասնութիւններ ստանալու համար՝ նախօրօք դիմել Երեսփոխանական Գրասենեակ։
Երեսփոխանական Գրասենեակ
«« վերադարձ ««